2012-10-19 12:01:25

Հայ-Իտալական Համաձայնագիրի Ստորագրութիւն` Պաշտպանութեան Մարզին Մէջ.


16 հոկտեմբերին (ինչպէս ծանօթ է ) եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանեց Իտալիոյ Պաշտպանութեան Նախարար Ծովակալ Ճիամփաոլօ Տի Փաոլայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Նախանցեալ օր Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ տեղի ունեցած դիմաւորման հանդիսաւոր արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ Իտալիոյ պաշտպանութեան նախարարին գլխաւորած պատուիրակութեան հանդիպումը Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Հայաստանի զինեալ ուժերու սպայակոյտի ղեկավար կազմին հետ:
Այս այցելութլան ծիրէն ներս Հայաստանի եւ Իտալիոյ Պաշտպանութեան Նախարարները ստորագրեցին «Հայաստանի կառավարութեան եւ Իտալիոյ կառավարութեան միջեւ պաշտպանութեան մարզին մէջ համագործակցութեան մասին» համաձայնագիրը, որ պիտի հանդիսանայ երկկողմանի համագործակցութեան իրաւական հիմքը: Համաձայնագիրով կը նախատեսուի համագործակցութիւն, ապահովութեան եւ պաշտպանական քաղաքականութեան, զինուորական-իրաւական պատրաստութեան, զինեալ ուժերու կազմակերպման եւ կառավարման, զօրահաւաքային պատրաստութեան, զինուորական կրթութեան, զինուորական արդիւնաբերութեան, զինուորական բժշկութեան, խաղաղապահ եւ մարդասիրական գործողութիւններու եւ շարք մը այլ մարզերու մէջ:
Իտալիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը այցելեց նաեւ Հայոց Մեծ Եղեռնի Զոհերու Յուշահամալիր եւ Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը:








All the contents on this site are copyrighted ©.